2014-07-15 13:51:54

Հռոմի Քարիթասի կեդրոններուն մէջ միջկրօնական աղօթք` Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար։


Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին անցեալ 13 յուլիսին, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ուղղած կոչին եւ հրաւէրին` իրեն միանալու աղօթքով Սուրբ Երկրի խաղաղութեան համար, երեքշաբթի, 15 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հռոմի Քարիթասի բոլոր կեդրոններուն մէջ կազմակերպուած է միջկրօնական աղօթքի երեկոյ մը Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումին համար։
Վերոյիշեալ ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն իսլամներ, հրեաներ եւ քրիստոնեաներ մօտիկութիւն յայտնելու Սուրբ Երկրի մէջ ապրող եղբայրներուն եւ Աստուծմէ հայցելու խաղաղութեան պարգեւը։
Քարիթասի պատասխանատու գերապայծառ Ֆերոչէի գնահատումով` ''երեկոյեան այս աղօթքը մեզ կը միացնէ մեր այն եղբայր ու քոյրերուն որոնք ամէն օր կը վկայեն խաղաղութիւնը, իրենց արտայայտած մօտիկութեամբ` Սուրբ Երկրի իսլամներուն եւ հրեաներուն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.